2013-06-23 10:53:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակի 23 Յունիսի Գործունէութիւնը


Կիրակի 23 յունիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ պատարագի զոհը մատոյց ''առաքելական ներկայացուցիչներու'' հետ միասին որոնք Հռոմ կը գտնուին նշելու իրենց նուիրուած խորհրդակցութեան եւ աղօթքի օրերը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ''Օրհնութիւններու'' սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Պետրոս Եւ Պօղոս առաքելապետերու ընկերակցութեան'' անդամներուն, ապա ժամը 12-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուղ հաւատացեալներէն ուղղուեցաւ Վատիկանի պարտէզներու մէջ գտնուող Վատիկանի Շոգեկառքի կայան ուր հանդիպում ունեցաւ ''Մանուկներու Շոգեկառքը - Գեղեցկութեան Ճանապարհորդութիւնը'' ծրագիրին մասնկցող մանուկներուն ու անոնց ընկերակցողներուն հետ։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ ծրագիրը կազմակերպուած է, ''Հաւատոյ Տարուայ առթիւ'', Քահանայապետրական Մշակոյթի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան համագործակցութեամբ։
Կիրակի 23 յունիսի առաւօտեան կանուխէն Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան կողմէ տրամադրուած գնացք մը Միալնոյէն, Պոլոնիայէն եւ ֆիրէնցէէն Հռոմ փոխադրեց զանազան ազգութիւններու պատկանող, մօտաւորապէս 250 ''ընկերային'' հարցեր ունեցող մանուկներ, ու անոնց ընկերացող դաստիարկաները, կամաւորներն ու ընտանեկան պարագաները։ ''Մանուկներու Շոգեկառքը ծրագիրը կազմակերպուած է ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրի ծիրեն ներս որովհետեւ մանուկնեը Եկեղեցւոյ յանձնառումի կեդրոնական մասն են, յատկապէս այն մանուկները որ կ՛ապրին ընտանեկան դժուար կացութիւն մը եւ ընկերա-հոգեբանական հարցեր ունին'' յայտարարած է Կարտինալ ճանֆրանքօ Ռավազի Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.