Home Archivio
2013-06-23 10:50:27
Քահանայապետի Թուիթը ''Ամէնքս Մեղաւոր Ենք - Բայց Կեղծաւոր Չ՛ըլլանք''
Կիրակի 23 յունիսին Քահանայապետական Թուիթթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը
Ամէնքս մեղաւորներ ենք։ Սակայն խնդրենք Տիրոջմէ որ կեղծաւորներ չ՛ըլլանք։ Կեղծաւորները չեն գիտեր ինչ է ներողամտութիւնը, ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը։
Իսկ շաբաթ 22 յունիսին թուիթը եղաւ.
'
'Եթէ կեանքի իմաստը գտանք Յիսուսի մէջ, չենք կրնար անտարբեր մնալ տառապողի մը դիմաց, տխուրի մը դիմաց։''
Յայտնենք որ մի քանի օր առաջ Սրբազան Քահանայապետի թուիթթերեան կայքէջի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց արդէն 7 միլիոն օգտատերերը։
All the contents on this site are copyrighted ©.