2013-06-22 12:29:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Պրէշիայի Ուխտաւորներուն։


Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի գահակալութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ հռոմ ժամանած Պրէշիայ թեմի ուխտաւորներուն ուղղած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերյիշելով երջանկայիշատակ Քահանայապետը վեր առաւ անոր առաքինի եւ օրինակելի կենցաղը որպէս Յիսուս Քրիստոսի վկայ։
''Մոնդինի Քահանայապետի Քրիստոսի հանդէպ Սէրը ի յայտ կու գայ անոր կեանքի ամէն մէկ պահէն։ Նոյնիսկ Քահանայապետական անունի ընտրութիւնը Պօղոս` այն առաքեալը ''որ սիրեց Քրիստոսը անհուն սիրով եւ որ Անոր աւետարանը ուզեց տանիլ բոլոր ժողովուրդներուն եւ Քրիստոսի սիրոյն համար իր կեանքը տուաւ։ ''
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ անդրադարձաւ Մոնդինի Քահանայապետի կեանքի ուրիշ երկու յատկանիշերուն` ''Սէր հանդէպ Եկեղեցւոյ եւ Սէր հանդէպ Մարդուն'' ։
Ան ապա իր ճառին աւարտին նշեց թէ ''Պօղոս Զ քահանայապետի օրինակը մեր մէջ կը վառէ Քրիստոսի սիրոյ բոցը, ու սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ, եւ ժամանակակից մարդուն աւետարանը քարոզելու ձգտումը` բարեգթութեամբ, համբերութեամաբ, քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.