2013-06-22 10:08:12

Հաւատոյ Տարի։ Առաքելական Նուիրակներու Օրեր Վատիկանի Մէջ


21 եւ 22 յունիսին Սուրբ Աթոռի աշխարհի բոլոր ներկայացուցիչները Հռոմ ժամադրուած են մասնակցելու իրենց նուիրուած յատուկ երկու օրերուն, հաւատոյ տարուայ ծիրեն ներս։

Վատիանի դիւանագէտներու հաւաքը սկիզբ առաւ ուրբաթ 21 յունիսին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ հանդիպումով որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ ճառ մը ուղղեց յորդորելով զանոնք խուսափիլ ''աշխարհի հոգիէն'' ու անոր հրապուրիչ ձգտումներէն եւ հետեւիլ իսկական եւ էական Բարիքին որ է Յիսուս Քրիստոս ու ըլլալ Անոր նման Բարի Հովիւներ որ յանձնառութեամբ առաջնորդեն հաւատացեալներու Հօտը։

Առաքելական Նուիրակներու Օրերու յայտագիրը ապա շարունակուեցաւ յետ միջօրէին Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան եւ ժամասացութեան արարողութիւններով զոր գլխաւորեց Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ժէյմս Հարվէյ ու ապա քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Ռավազի` ներկայացուց խորհրդածութիւն մը։

Երեկոյեան Պատուիրակները ընթրեցին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ.

Շաբաթ 22 յունիսի յատագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան` Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի գլխաւորած Սուրբ Պատարագով որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Պետական Քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակներու տարած կարեւոր աշխատանքին ու ակնարկելով յառաջիկայ շաբաթ օր նշուելիք` Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, մատնանշեց թէ ինչպէս ''հաւատքի արմատներն ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան ակնաղբիւրը հիմնուած են Յիսուսի հետ բարեկամութեան վրայ'' եւ հետեւելով Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի օրինակին, Կարտինալ Պերթոնէն հաստատեց թէ ''Յիսուսի հետ բարեկամութեան մէջ է որ կը կայանայ Քրիստոնէական վկայութիւնը` Տէրը մեզմէ կը պահանջէ որ ըլլանք անոր բարեկամները, սիրենք զինք ամէն բանէ աւելի''։
Կարտիալ Պերթոնէն հուսկ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ու ապա քարոզը աւարտեց ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերով ''Յիսուս մեր սրտերուն ներշնչեց բազմաթիւ յոյսեր, մանաւանդ հեզաբարոյ, պարզ, աղքատ ու մորացուած անձերու մէջ։ Ան հասկցաւ մարդկային խեղճութիւնը ու ցոյց տուաւ Աստուծոյ բարեգութ դէմքը եւ խոնարհեցաւ բուժելու համար մարմինն ու հոգին''։ Թող Սուրբ Կոյսը մեզի ըլլայ բարեխօս ընդունելու շնորհքը` հաւատարմութեամբ եւ առաքելական նուիրումով կատարելու մեր առաքելական առաքելութիւնը զոր Քրիստոս, Սրբազան Քահանայապետի միջոցաւ, մեզի յանձնեց` տարածելու համար Աւետարանը, հոգիներու փրկութեան համար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սիւնհոդոական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչներուն հետ միասին։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 17,30-ի բոլոր ներկաները իրենց մասնակցութիւնը բերին Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կազմակերուած եւ ֆարնչիսկոս Պապին նուիրուած Վատիկանի Պօղոս Զ անունան սրահին մէջ ներակայացուած դասական երաժշտութեան համերգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.