2013-06-22 09:53:31

Հայաստան Ստանձնեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Նախագահութիւնը


Օտեսայի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 28-րդ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեց ամիս ժամկէտով` մինչեւ 31 դեկտեմբեր ստանձնած է կազմակերպութեան նախագահութիւնը:
Նախարարական հանդիպման ընթացքին իր ելոյթին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը թեւակոխէ իր գործունէութեան 22-րդ տարին` տնտեսական համագործակցութեան նոր օրակարգով:
Նախարար Նալբանդեան արձանագրած է, որ Հայաստան գործուն քայլեր կ’իրականացնէ կազմակերպութեան նոր օրակարգը կեանքի կոչելու եւ շրջանին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ:
Անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առանձնացուցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ ընդունուած փաստաթուղթերու դրոյթներու պատշաճ կատարումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբերու օրակարգերու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը:
Նախարարը կարեւոր նկատած է միջազգային կազմակերպութիւններու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան յարակից մարմիններու, դէտերու եւ բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման, կազմակերպութեան քարտուղարութեան բարեփոխումներու եւ հաւասար ներկայացուածութեան սկզբունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ընդունուած են կազմակերպութեան գործունէութեան առնչուող շարք մը որոշումներ:
Ստանձնելով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը` նախարարը Նալբանդեան շեշտած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ սեւծովեան շրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ յաւելեալ ջանքերու ներդրումը, կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ անոր հեղինակութեան ամրապնդումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.