2013-06-21 13:11:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Քահանայապետական Առաքելական Ներկայացուցիչներուն Հետ։


Ուրբաթ 21 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30, Վատիկանի Գլեմեդինա Սրահին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական ներակայացուցիչներու նուիրուած օրերուն մասնակցող 150 պատուիրակները։
Նորին Սրբութիւնը ապա յետմիջօրէի ժամը 18-ին ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը։
Յայտնենք որ Առաքելական նեկայացուցիչներու վեհաժողովի գումարումը, Պենետիկտոս ԺԶ-ի որոշումով, յայտարարուած էր Կարտինալ Պերթոնէի կողմէ անցեալ 2012-ի հոկտեմբեր 17-ին։ Վեհաժողովը գումարուած է ''Հաւատոյ Տարուայ առթիւ։''։

Առաքելական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ այս օրերը առիթ մըն են, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, միասնաբար աղօթելու Տիրոջ, խորհրդածելու եւ ապրելու եղբայրական պահեր։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Պերթոնէի յանուն ներկաներուն ուղղած խօսքերուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց տեսնելով ի սփիւռս աշխարհի իր եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները մէկ տեղ հաւաքուած` որ կ՛արծարծեն ''Եկեղեցւոյ Կաթողիկէութեան ու անոր Տիեզերականութեան'' հոգիի իմաստը ։

Ֆրանիսչկոս Պապը ապա ներկաներուն առաջարկեց ''քահանայապետական ներկայացուցիչ'' ըլլալու մասին մի քանի գաղափարներ որ իր ''սրտէն կը բխին''։

Նախ եւ առաջ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կ՛ուզեմ մատնանշել ձեր պանդուխտ կեանքին, ամէն երեք կամ չորս տարին անգամ մը ձեր առաքելավայրերը կը փոխէք, կ՛անցնիք մէկ ցամաքամասէն միւսը, մէկ երկրէն ուրիշ երկիր, ձեր պայուսակը միշտ ձեր ձեռքերուն մէջ։ Ձեր այս կեանքը ուղեւորութիւն կը նշանակէ, որ հաւատքի կեանքի կեդրոնականութիւնն է։ Աբրահամի նման, հաւատքի եւ ուղեւորութեան մարդ, Աստուած անորմէ կը խնդրէ թողուլ իր երկիրը, իր ապահովութիւնը, ու երթալ խոստացուած երկիր, զոր ինք երբեք չի տեսներ բայց իր սրտին մէջ կը պահպանէ որպէս Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած յոյս։
Երկրորդ գաղափարը ''հեռու նայիլն'' է։ 25 ապրիլ 1951-ին Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան երբեմնի տեղակալ` գերապայծառ Մոնդինի (Պօղոս Զ Քահանայապետ) կ՛ըսէր ''Քահանայապետական Ներկայացուցիչը այն անձն է որ իսկական համոզումը ունի Քրիստոսը տանելու իր հետ, զայն հաղորդելու, հռչակելու եւ ներկայացնելու որպէս թանկագին բարիք մը։
Այս աշխարհի բարիքները անցողական են։ Տէրը այն բարիքն է որ յուսախաբ չի թողուր։ Յիսուս Քրիստոսի հետ ձեր յարաբերութիւնը ըլլալու է առաքելական ներկայացուցիչին առօրեայ սնունդը, աղօթքի, սուրբ զոհի մատուցման եւ ողորմութեան ծառայութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ այն վտանգին, նոյնիսկ եկեղեցական ասպարեզէն ներս, ''աշխարհիկ հոգեւորականութեան'' փորձութեան մէջ իյնալու։ Այն աշխարհիկ հոգին որ կը մղէ գործելու անձնական ''
''շահի'' ի նպաստ եւ ոչ թէ Տիրոջ փառքին համար։ Աշխարհիկ հոգիին միտիլը ծիծաղելի կը դարձնէ մեզ։ Մենք Հովիւներ ենք եւ այս մէկը երբեք պէտք չենք մոռնալ։
Դուք սիրելի Քահանայապետական Ներկայացուցիչներ, Քրիստոսի ներկայութիւնն էք, քահանայական ներկայութիւն, Հովիւներ։Թէեւ անմիջական կերպով չէք ծառայեր եկեղեցւոյ հօտին, եւ չէք հովուէր տեղական եկեղեցի մը, սակայն կը մնաք Եկեղեցիին ծառայող Հովիւներ, ունենալով` քաջալերելու, հանդիմանելու եւ յորդորելու դերը։ Այս բոլորը կատարեցէք խոր սիրով։ Նոյնիսկ Քաղաքական իշխանութիւններու հետ ունեցած ձեր յարաբերութիւններու ընթացքին ու ձեր եղբայրակիցներուն հետ. փնտռեցէք միշտ Բարին, բոլորին բարիքը. Եկեղեցւոյ բարիքը եւ ամէն անհատի բարիքը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց շեշտը դնելով առաքելական ներկայացուցիչներու ծառայութեան կարեւոր մէկ կէտի վրայ` այն է ''Եպիսկոպոսներու անուանումները''։ Զգոյշ եղէք եպիսկոպսական թեկնածուներու ընտրութեան նուրբ աշխատանքի մէջ։ Ընտրեցէք անձեր որոնք ըլլան ժողովուրդին մօտիկ, հայրեր ու եղբայրներ, հլու, բարեգութ եւ համբերատար։ Աղքատ հոգիով, Տիրոջ հանդէպ ներքին ազատութեամբ եւ արտագին պարզութեամբ ու խստակեանքով, որոնք ''իշխաններու'' հոգեբանութիւն չ՛ունենան։ Թող կարող ըլլան հսկելու իրենց յանձնուած հօտին վրայ, ու անոր հոգալու` ուշադրութիւն ընելով անոր սպառնացող վտանգներուն եւ մանաւանդ կարող ըլլան յոյս խրախուսելու, որպէսզի իրենց հօտին սրտին մէջ միշտ արեւ եւ լոյս ըլլայ, եւ սիրով ու համբերութեամբ ընդունին Աստուծոյ իրենց ժողովուրդին վերապահած ծրագիրը։
Հովիւները թող քալեն իրենց հօտին առջեւէն` անոնց ցոյց տալով ճամբան, թող քալեն հօտին մէջ զայն միացած պահելով, թող քալեն հօտին ետեւ որպէսզի անոնցմէ մէկը ետ չմնայ։

Սիրելի Քահանայապետական Ներկայացուցիչներ` ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը, ձեզ կը հրաւիրեմ խորհրդածելու ձեր կարեւոր առաքելութեան մասին ի սպաս Եկեղեցւոյ։ Ձերը յաճախ դժուար կեանք մըն է, շարունակական ուխտագնացութիւն մը։ Ճանապարհորդութեան կեանք մը` միշտ Յիսուս Քրիստոսի հետ որ մեր ձեռքերէն բռնած մեզ կ՛առաջնորդէ։ Շնորհակալ եմ ձեզի։ Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար եւ Տէրը ձեզ օրհնէ ու Տիրամայրը պահապան կանգնի ձեզի։







All the contents on this site are copyrighted ©.