2013-06-21 11:58:30

Կեանքին սրբութիւնը 2


Հին եւ տառական ըմբռնումով «Սուրբ» բառը պարզապէս կը նշանակէ «մաքուր»: Այդ իմաստը պահած է մինչեւ այսօր: «Սրբել» բայն ալ կը նշանակէ «մաքրել»: Հետեւաբար «սուրբ» բառը նախքան բարոյական եւ կրօնական նշանակութիւն առնելը, գործածուած է նիւթական իրերու համար` նիւթապէս «մաքուր»ի իմաստով: Օրինակի համար, այն ոսկին, որով Աստուած հրամայած էր պատել Իսրայէլի ժողովուրդին ամէնէն նուիրական առարկան հանդիսացող Ուխտի Տապանակը, պէտք էր ըլլար «սուրբ ոսկի», մաքուր, զուտ, անխառն:
Նոյնն էր պարագան «սրբել» բային համար, որով նախքան բարոյական եւ հոգեւոր մաքրագործումի իմաստ ստանալը` գործածուած է Ֆիզիքապէս մաքրուելու առումով: Օրինակ` Յակոբ Նահապետ, երբ կը պատրաստուի զոհի սեղան մը կառուցանել Բեթելի մէջ, կ՛ըսէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. «Վերցուցէք ձեր մէջէն օտար աստուածները եւ մաքրուեցէք ու փոխեցէք ձեր լաթերը»: Նոյնպէս երբ Աստուած անձամբ պիտի խօսի Իսրայէլի ժողովուրդին, կը պատուիրէ Մովսէսի ըսելով. «Գնա ժողովուրդին եւ սրբէ զանոնք, եւ թող լուան իրենց լաթերը»:
Սրբութիւնը սակայն ուրիշ իմաստ մըն ալ ունի: «Սուրբ» կը կոչուի նաեւ որեւէ իր, առարկայ կամ անձ, ինչպէս կ՛ըսէ Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան, որ կը զատուի իր տեսակին մէջէն եւ կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը, եւ իբրեւ այդ` կը ստանայ յատուկ օրհնութիւն: Արարիչն Աստուած իր ստեղծագործութեան աւարտումէն ետք` եօթներորդ օրը կը հանգստանայ իր գործերէն: Այս պարագային Շաբաթ օրը «սուրբ յայտարարուեցաւ», որովհետեւ զատուեցաւ եօթնեակի միւս օրերէն ու նուիրուեցաւ հանգստեան ու յատուկ պաշտամունքի սրբազան նպատակին` ստանալով իր օրհնութիւնը ուղղակի Աստուծմէ»:
Ինչպէս ակնարկեցինք Սուրբերը ուրեմն ջոկուած են միւս մարդոցմէ ըլլալու համար նոր մարդ. զատուած են մարդոցմէ` ըլլալու համար ապրող մարդիկ, ինչպէս կը հաստատէ Յովհաննէս Առաքեալ . « Աստուած իր Որդին ղրկեց, որպէսզի Անոր միջոցաւ կեանք ունենաք»:
Ստոյգ է, որ սուրբերը ապրած են աշխարհի մէջ ու մարդոց հետ, սակայն իրականութեան մէջ աշխարհէն չեն, ինչպէս քրիստոս ինք աշխարհէն չէր, ըստ իր հաստատումին:
Յովհաննէս առաքեալ կ՛ըսէ. « Մի սիրէք աշխարհը եւ անոր մէջ եղածները: Ով որ աշխարհը կը սիրէ, անծանօթ է Աստուծոյ սիրոյն: Աշխարհի մէջ եղածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մարմնի ցանկութիւն, աչքի ցանկութիւն եւ երկրաւոր կեանքի ամբարտաւանութիւն, որոնք չեն բխիր Հօրմէ, այլ աշխարհէն: Պիտի անցնին թէ՛ ամխարհը եւ թէ՛ իր ցանկութիւնները: Բայց ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեանս պիտի մնայ»:
Ուստի կեանքի սրբութիւնը ուրիշ չէ եթէ ոչ Հաւատալ Աստուծոյ եւ Անոր Որդիին, ընդունիլ Քրիստոսը իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ. զերծ պահել իր անձը աշխարհի ապականութիւններէ եւ պղծութիւններէն:
Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք այս աշխարհի համար կ՛ատեն իրենց անձը, որպէսզի ժառանգեն զայն յաւիտենական կեանքին մէջ:
Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք աղքատ են երկրաւոր ինչքերով, սակայն հարուստ շնորհքով եւ առաքինութիւններով:
Սուրբերը այն մարդիկ են նաեւ, որոնք օտարականներ են աշխարհին, բայց միացած են Աստուծոյ եւ Անոր մտերիմ բարեկամներն են:
Երանի թէ՛ հայազգի եւ օտարազգի սուրբերուն օրինակը շիջանի բոլորին մէջ բաղձանքը յառաջանալու առաքինութեան ու սրբութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.