2013-06-21 12:00:54

Դամասկոսն ու Հալէպը Ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Վտանգուած Կառոյցներու Ցանկին Մէջ


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վտանգուած մշակութային կառոյցներու ցանկին մէջ ընդգրկած է սուրիական հինգ բնակավայրեր եւ մէկ ամրոց, որ կը գտնուի Հոմս քաղաքի տարածքին: Այս մասին կը յայտնէ ԻԹԱՌ ԹԱՍ-ը։
Ցուցակի մէջ ընդգրկուած են Դամասկոսը, Պուսրան, Հալէպը, Փալմիրան, եւ “Հուսն” ամրոցը: Կազմակերպութեան բանաձեւի մէջ ըսուած է, որ զինուած հակամարտութեան պայմաններու մէջ հնարաւոր չէ ապահովել այդ կառոյցներու պաշտպանութիւնը: Այդ բոլոր կառոյցները արդէն ընդգրկուած էին Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.