2013-06-21 12:00:34

Գերմանիան Պատրաստ Է Սուրիայէն 5000 Փախստական Ընդունելու


Գերմանիան համաձայնած է ընդունելու քանի մը հազար սուրիացի փախստական, որոնք իրենց հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած ընդհարումներու պատճառով ապաստան գտած են Լիբանանի մէջ: Ըստ panorama.am կայքին՝ այս մասին Հինգշաբթի օր յայտարարած է Լիբանանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը:
Տեղեկութիւններուն համաձայն, պայմանագիրը կը նախատեսուի, որ Գերմանիան ընդունի առաւելագոյնը մինչեւ 5 հազար սուրիացի փախստական:
Աւելի առաջ ԱՄՆ-ն յայտարարած էր սուրիացի փախստականներուն 300 միլիոն տոլար լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու մասին: Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այսպիսով, Ուաշինկթընի կողմէ տրամադրուած «մարդասիրական օգնութեան չափը` սկսած Սուրիոյ ճգնաժամի սկիզբէն, հասած է մօտ 815 միլիոն տոլարի»:







All the contents on this site are copyrighted ©.