2013-06-20 13:41:17

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Մոնդեվիտէոյի Մէջ։


Շաբաթ 22 Յունիսի երեկոյեան՝ (ժամը 7-ին) Սօրիանոյի Յիսուսի Ս. Սրտի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ (Մոնդեվիտէօ) Հայածէս Ձայնաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, Սրկ. Կէնարիոս Լուսարարեան պիտի ստանայ քահանայական կարգը. ձեռամբ՝ արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանի, առաջնորդը արժանթինահայոց Ս. Գրիգոր Նարեկացի թեմին եւ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց։
Ռատիվատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ տէր Կէնարիոսը մաղթելով որ ան լաւագոյն կերպով ծառայէ Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն... Տէր Կենարիոս հրաւէրին կցած է գեղեցիկ նամակ մը ուր կը խնդրէ որ աղօթենք իրեն համար, որպէսզի միշտ հաւատարիմ մնայ իր կոչումին, եւ գործէ ՜՜ինչպէս որ Աստուած կը խնդրէ իրմէ՝՝. Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու հայ ազգի զաւակներու ծառայութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.