2013-06-19 12:02:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 19 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետական Միջկրօնական Խորհուրդի եւ Իսլամական երկխօսութեան Միջազգային ֆորումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցներուն հետ։

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Այսօր կ՛ուզեմ կեդրոնանալ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի Եկեղեցւոյ մասին ուրիշ արտայայտութեան մը վրայ որ կ՛ընդգծէ անոր բնոյթը որպէս ''Մարմին''։ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը կ՛ըսէ թէ ''Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է (Աշխարհի Լոյս, 7) ։

Այս նկարագրութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ որքանով քրիստոնեաներս կապուած ենք Քրիստոսի եւ որքանով այս կապը միշտ աւելիով պէտք է ամրապնդուի։ Եկեղեցւոյ Մարմինը կենդանի իրողութիւն մըն է որ իր էութիւնը կը ստանայ իր գլուխէն` Յիսուս Քրիստոսէն որմէ երբէք չի կրնար բաժնուիլ ապա թէ ոչ կը մեռնի։

Այս մարմինի ընդմէջէն Աստուածային կեանքը մեզի կը հաղորդուի Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեամբ, Սուրբ խորհուրդներու եւ առօրեայ աղօթքի միջոցաւ։ Յիսուս մեր մէջ կը ներգործէ եւ մեզի կը թոյլատրէ սիրել իսկապէս մերձաւորը։ Այնպէս ինչպէս մարմնի մը անդամները մէկը միւսէն կը տարբերին սակայն միասին կապուած են` նոյնպէս Եկեղեցւոյ մէջ գոյութին ունի գործունէութեան եւ նուիրումի բազմազանութիւն մը ուր ամէնքը կը ձգտին կառուցել մէկ կենդանի մարմին մը, խորապէս միացած Քրիստոսին։

Այս հաղորդութիւնը կ՛իրականանայ Սրբազան Քահանայապետի եւ եպիսկոպոսներու միութեամբ որոնք հաղորդութեան միջոցներն են։ Հաղորդութիւնը շնորհք մըն է որ մեզի թոյլ կու տայ յաղթահարել բաժանումները եւ իրար հասկնալ բազմազանութեան հարստութեամբ, ամէն մէկուն տուած վաստակով։

Աստուծմէ խնդրենք որ օգնէ մեզի ըլլալու Եկեղեցական Մարմնի անդամներ` խորապէս միացած Քրիստոսի եւ օգնէ որ պատճառ չ՛ըլլանք Եկեղեցւոյ տառապանքին մեր հակառակութիւններով, մեր բաժանումներով, մեր եսասիրութեամբ այլ ըլլանք ողջ անդմաներ, մէկը միւսին կապուած, մէկ զօրութեամբ, որ է սէրը զոր Սուրբ Հոգին մեր սրտերուն մէջ կը դնէ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեաները ու ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն, առաջինը Գաղթականութեան համաշխարհաին օրուայ առթիւ որ կը նշուի 20 յունիսին, իսկ երկրորդը վերաբերող` անցեալ կիրակի ''Հաւատոյ Տարուայ'' առթիւ նշուած ''կեանքի աւետարանի'' օրուան։ Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուզեմ ուղղել բոլորին որ ընկալեն եւ վկայեն ''կեանքի աւետարանը'' եւ զարգացնեն ու պաշպանեն կեանքը իր բոլոր ոլորտներով։ Քրիստոնեան այն անձն է որ կ՛ըսէ Այո՛ կեանքին եւ Այո՛ Աստուծոյ` որ Կեանք է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.