2013-06-19 14:26:16

Օպամա-Փութին Հանդիպումը


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ հանդիպումը, որ պէտք էր մէկ ժամ տեւէր, աւարտած է 1 ժամ 50 վայրկեան ետք:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են միջազգային իրադարձութեանց առնչուող հարցեր, մասնաւորաբար` Իրանի մէջ կատարուած նախագահական ընտրութիւնները: Փութին յոյս յայտնած է, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանին պիտի նպաստէ հիւլէական ծրագիրի լուծման: Իսկ Օպամա նշած է, որ իր երկիրը նոյնպէս դրական կը գնահատէ ընտրութիւնները` յոյս ունենալով, որ նոր նախագահը վերսկսի խնդիրի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն:
Բանակցութիւններուն երկրորդ կարեւոր նիւթը կը վերաբերէր Սուրիոյ: Փութին եւ Օպամա համաձայնած են, որ տագնապին կողմերը պէտք է անպայման մասնակցին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին: Նախագահները ընդգծած են, որ տարբեր կարծիք ունին Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, սակայն կ՛ուզեն վերջ դնել բռնարարքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.