2013-06-19 13:06:26

''Քրիստոնեաներու Եւ Եկեղեցիներու Իրավիճակը Եգիպտոսի, Իրագի, Սուրիոյ եւ Սուրբ Երկրի Մէջ''


''Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն'' բարեսիրական մարմինը Վատիկանի մէջ գումարած է իր 86-րդ ժողովը քննարկելու նպատակով'' Քրիստոնեաներու եւ Եկեղեցիներու իրավիճակը Եգիպտոսի, Իրագի, Սուրիոյ եւ Սուրբ Երկրի Մէջ''։Հաւաքը սկիզբ առաւ երկուշաբթի 17 յունիսին ու վերջ կը գտնէ հինգշաբթի 20 յունիսին, ֆրանչիկսոս Պապի շնորհած ունկնդրութեամբ։
Հաւաքի ընթացքին Տամասկոսի առաքելական դսեպան` գերապայծառ Մարիօ Զէնարին ժողովականներուն ներկայացուց Սուրիոյ մասին տեղեկագրութիւն մը մինչ Սուրբ Երկրի մասին զեկուցեցին Երուսաղէմի առաքելական պատուիրակ` գերապայծառ Լածարեթթօ եւ Ս. Երկրի Պահակ` ֆրանչիսկեան հայր Բիցապալլան։

Երեքշաբթի 18 յունիսի առաւօտեան ժամը 8,30-ին կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին եւ վերոյիշեալ բարեսիրական մարմնին նախագահը, պատարագ մատույց Հռոմի Սանդա Մարիա Ին Դրասբոնդինայի եկեղեցւոյ մէջ, Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն բարեսիրական մարմնի բոլոր բարերարներու դիտաւորութեան ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ծիրանաւորը մատնանշեց թէ ''մեր առաջին ձգտումը ''քրիստոնէական զօրակցութեան կառչած մնալն է'', Ան ապա ակնարկեց Սուրիոյ, Իրագի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող եղբայր ու քոյր քրիստոնեաներուն դէմ իրագործուած բռնութիւններուն ու աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած որպէսզի Ան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն քաջութիւն ներշնչէ ու զանոնք ողողէ հաւատքի մխիթարութեամբ։

Աղօթենք -ըսաւ Կարտինալ Սանտրին - որ անոնք երբէք ատելութեամբ չհամապատասխանեն ատելութեան, երբէք չի ձգտին կոյր վրէժխնդրութեան եւ երբէք չտարակուսին Աստուծոյ զօրութեան վրայ ու Անոր շնորհքի միջոցաւ աղէտներու սահմանումին։ Միաժամանակ - շարունակեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչը - թարգման հադիսանանք անոնց ցաւերուն, եկեղեցական եւ քաղաքական միջավայրերու մէջ ու հակառակ Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի տնտեսական տագնապին չպակսեցնենք մեր եղբայր ու քոյրերու նկատմամբ աջակցութիւնը ։
Կարտինալ Սանտրին քարոզը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի կարօտեալ մեր եղբայր ու քոյրերը ապահով ըլլան թէ ''Տէրը կ՛ազատէ բանտարկեալները, կը պահպանէ օտարը, որբին եւ այրիին նեցուկ է ու կ՛ընդդիմանայ չարերու ճանապարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.