2013-06-19 13:19:16

Քահանայապետական Անուանումներ


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վիլինուսի Արքեպիսկոպոս` կարտինալ Աուտրիս Եուոզաս Պաչքիսը նշանակած է որպէս իր յատուկ պատուիրակը գլխաւորելու համար Ուկրանիոյ` Քիէվի ''Ռուս'' անուամբ նահանգի քրիստոնէացման 1025-րդ տարեդարձը, որուն տօնակատարութիւնները տեղի կ՛ունենան 17 եւ 18 օգոստոս 2013-ին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Կարտինալ Ժայմ Լուգաս Օրդէկա Ի Ալամինօ` Սան Քրիսդոպալ Տէ Լա Հապանայի Արքեպիկոպոսը, նշանակած է իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու համար Սան Սալվատորի Արքեպիսկոպոսական Թեմ Տիտղոսի տուչութեան, ինչպէս նաեւ Սանդա Անա եւ Սան Միկէլ Թեմերու հաստատումի առաջին հարիւրամեակները ու նաեւ Էլ Սալվատորի Սուրբ Հողորդութեան Ազգային համագումարի փակման արարողութիւնը որ նախատեսուած է յառաջիկայ 11 օգոստոս 2013-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Բիդեր Էրտօն անուանած է որպէս իր յատուկ պատուիրակը գլխաւորելու համար Լիթուանիոյ Սամոկիցիա նահանգի աւետարանացման 600րդ յոբելեանը որուն տօնակատարութիւնները կը զուգադիպին Դէլշիայի մէջ նշուելիք Սուրբ Հաղորդութեան Համագումարի նիստերուն հետ որ նախատեսուած են` 2 եւ 4 օգոստոս 2013 -ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.