2013-06-19 14:26:43

Ութերու Խմբակը «Ժընեւ-2»-ի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գումարումը Կը Պահանջէ


Ութերու խմբակի անդամ երկիրները երէկ իրենց ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ «մենք վճռակամ ենք միասնաբար գործելու` Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար»: Անոնք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան վտանգին առնչութեամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեցին եւ պահանջեցին Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը մատնանշեց, որ Ութերու խմբակի հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման վերաբերեալ ակնարկ չի բովանդակեր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քուէյթեան ՔՈՆԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը սուրիական վարչակարգի տապալումը չի նշանակեր` նշելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք չէ խաղաղութեան խորհրդաժողովին նախապայմաններ ճշդէ:
Լաւրով ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի եւ «մարդասիրական միջանցքներ» ստեղծելու կոչերը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման չեն նպաստեր»:







All the contents on this site are copyrighted ©.