2013-06-19 14:10:41

Հայ Եկեղեցին ու Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Ո՞ւր Կապեմ Ձիս…


Ընկերասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն եւ նման եզրեր շատ գեղեցիկ կը հնչեն իբրեւ գաղափար, ու տեսականօրէն հեշտ կը թուի ատոնց գործադրութիւնը: Սակայն բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ իրական կեանքի մէջ, յատկապէս քրիստոնէութեան բարոյական սկզբունքները շա՜տ դժուար է կիրարկել, ու անոնք երբեմն անմատոյց բարձունքներու վրայ կը գտնուին :
Քրիստոնեայ մարդուն ապրած կեանքը փորձ է պարզապէս, բիւրեղացնելու իր հոգին, հաւասարակշռելով փոխյարաբերական իր կեանքը՝ վարմունքը, կենցաղակերպը, արտայայտութիւնները, յատկապէս զօրացնելով իր մէջ ներողամտութեան կամքը, որ քիչերու տրուած շնորհք է այս կեանքի մէջ:
Տեսնուած են քրիստոնեաներ, որոնք ո՛չ միայն չեն կրնար ներել, այլ ընդհակառակը ոխակալութեամբ լեցուած՝ կը սպասեն առիթի մը չէզոքացնելու իրենց հակառակորդը: Հապա՞ քարոզուած ներողամտութիւնը…: Ինչո՞ւ չի գործադրուիր անիկա, յատկապէս Աւետարանի հետեւորդներուն կողմէ, որոնք միայն սիրոյ վարդապետութեան դրուագներ կը տեսնեն իրենց աչքերուն դիմաց, ոսկեգիր այդ մատեանին մէջ: Քրիստոնէական վարդապետութեան բարոյական վեհագոյն օրէնքները այնքան անբռնաբարելի են, որ նոյնիսկ անոնց քարոզիչ աւետարանիչները չեն կրնար ամբողջական գործադրողները ըլլալ, որովհետեւ աստուածային կատարելութենէն զուրկ է մարդ արարածը:
Առհասարակ միամտութիւն կը ճանչցուի, մարդոց ցուցաբերած բարութիւնը: Ուրիշի նկատմամբ զոհաբերութեան ոգին՝ տկարութիւն կը մեկնաբանուի երբեմն, եւ տարբեր առիթներով ալ, անիկա պարզապէս յիմարութիւն կ՝որակուի: Բարութիւնը հոգեկան բիւրեղութեան այնպիսի վիճակ է, որ մարդը կը տարբերէ իր նմաններէն, ու աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ: Բարութեան հետ, անոխակալութիւնը, սիրոյ հետ՝ զոհողութիւնը, ամբողջական մարդ կը դարձնեն մահկանացու ծնած մարդը, որ գիտէ համեստացնել իր անձը, օգուտ դառնալով իր շրջապատին:
Ոմանք ուրիշներու նկատմամբ իրենց յարգանքին ու զոհողութեան մէջ՝ չափազանցութիւններ կ՝արձանագրեն, որոնք միշտ վնասաբեր կ՛ըլլան յարգանքը մատուցող մարդուն: Որովհետեւ բարութեան դիմաց, անկասկած որ կայ չարութիւնը, ծառայութեան դիմաց՝ շահագործումը եւ նուիրումի դիմաց՝ չարաշահումը:
Յատկապէս անցորդներու, պանդուխտներու եւ օտարականներու նկատմամբ քաղաքակիրթ աշխարհը օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Հին ժամանակներուն ալ այդպէս եղած է: Եղած են «քարւանսարայ»ներ կամ «խան»եր, ուր կ’իջեւանէին մարդիկ անցեալին, երբ գոյութիւն չունէին այսօրուան պանդոկները, որոնք իրենց աստղանշային աստիճանաւորումներով, վաճառքի կը հանեն իրենց շքեղ հանգստաւէտութիւնը եւ այլ յարմարութիւնները: Արաքս գետի ափին, Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, մինչեւ այսօր պետական խնամքով կը պահպանուի այդ իջեւաններէն մին, որուն մէջ մարդոց հանգստանալու բաժանմունքներէն բացի, կ՛երեւին նաեւ անոնց փոխադրամիջոց կենդանիներուն մնալու ու կերակրուելու տեղերը:
Մէկ օր, եւ կամ թէ աւելի հանգստանալու պարագային, չափաւոր յարգանքը, երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւն կը յառաջացնէ, եւ ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուղղութեամբ կը շարունակէ իր ճամբան: Սակայն, երբ մէկ կողմը, յատկապէս հիւրընկալ կողմը չափազանցէ յարգանքը, դիմացի կողմը, ըստ իր ստացած դաստիարակութեան ու կազմաւորումին, կրնայ չարաշահել այն, եւ պատճառ դառնալ անախորժութիւններու: Նաեւ, հիւրընկալուող կողմը միշտ պէտք է հետեւողի, կացութեան յարմարողի եւ հնազանդողի դերին մէջ գտնուի, որովհետեւ մէկ, կամ մի քանի օրուան հիւր ըլլալով, իրաւունքը չունի հիւրընկալին կեանքը փոփոխութեան ենթարկելու: Ասոր համար երբ հիւրը հարցնէ ՜՜ Ձիս ո՞ւր կապեմ՝՝ կարեւոր է շեշտել թէ ան կը մնայ հիւր...եւ ըստ այնմ պէտք է տեղ գտնէ տան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.