2013-06-18 12:09:49

Տուպայի Ս. Անտոնի Նուիրուած Եկեղեցւոյ Օծումը Կարտինալ ֆիլոնիի Ներկայութեամբ` Վստահութեան Ու Յոյսի Նշան Տեղացի Բոլոր Քրիստոնեաներուն Համար։


Անեցալ 14 յունիս 2013-ին Տուպայի Ռաս ալ Խայմէ շրջավայրին մէջ օծումը կատարուեցաւ ս. Անտոն Պատովացիի նուիրուած եկեղեցւոյ։
Օծման արարողութեան ներկայ էր Կարտինալ ֆիլոնի` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանաութեան։ Իր արտասանած քարոզին մէջ կարտինալը ըսաւ. ''այսօր Աստուծոյ նուիրագործեցինք տաճար մը, որ կառուցեցիք ձեր հովիւն հետ միասին։ Արդարեւ դուք` Աստուծոյ ողջ տաճարը, ձեր գլխաւոր ճարտարապետն է նոյնինքն Տէրը։''
Կարտինալ ֆիլոնի իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տեղացի քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն անոնց հաղորդելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ողջոյնը, սէրն ու աղօթքը։ Խօսքը ուղղելով ապա տեղացի քրիստոնեաներուն ըսաւ.'' դուք կու գաք զանազան երկիրներէն, սակայն միաժամանակ կը կազմէք Աստուծոյ մէկ ժողովուրդը։ Ձեր մշակոյթներու զանազանութիւնը վկայութիւնն է բազմաձեւ ձեր հարստութեան։ Ձեր ձայնի ներդաշնակութեամբ դուք կը դրսեւորէք միութիւնը ձեր հաւատքին։ Ձեր մէջ կը բնակի եկեղեցւոյ խորհուրդը։'' Կարտինալը հուսկ ընդգծեց քրիստոնեական հաւատքի վկայութեան կարեւորութիւնը արաբական այդ թերակղզիին մէջ։ ''Հոս` դուք կանչուած էք ըլլալու թթխմոր մը։ Այս բարդ ընկերութեան մէջ դուք կը գտնէք վստահութիւնը եւ յոյսը, վստահութիւնը աշխատանքի որով կ'ապրեցնէք ձեր ընտանիքը եւ յոյսը ձեր հոգեւոր կեանքին։''
Նշենք որ ս. Անտոն եկեղեցւոյ օծումով Արաբական Միացեալ Էմիրաթներու մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը կ'ունենայ իր 8-րդ աղօթավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.