2013-06-18 12:11:34

Մարսէյլի Մէջ Անրի Վերնոյի Անունով Հրապարակ Պիտի Բացուի


Յունիս 17-23 Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ «ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ» ձեռնարկներու շարք: Մէկ շաբաթուան բոլոր միջոցառումները պիտի հեռարձակուին Մարսէյլի հայկական «ARARAT TV»-ի ուղիղ եթերով: Այս մասին կը յայտնէ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ձեռնակրկները կազմակերպած են` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Terre d` Armenie» կազմակերպութեան, «ARARAT TV»-ի տնօրէն Ռիչըրտ Ֆինդիկեանի, Մարսէյլի փոխքաղաքպետ, «Didier Parakian» հիմնադիր Տիտիէ Պարակեանի, Մարսելի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, եւ Մարսէյլի 13, 14-րդ թաղամասերու թաղապետ, Մարսէյլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանի հետ համատեղ:
Յունիս 17-ին Հայաստանի պատուիրակութիւնը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ Մարսէյլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սիրմաքեսը այցելած են բացուելիք Անրի Վերնոյի հրապարակ: Հիւրերու շարքին եղած են` Մարսէյլի փոխքաղաքապետեր Ռոլան Պլում, Դանիէլ Հերման եւ Տիտիէ Պարակեան, Մարսէյլի 13 եւ 14-րդ թաղամասերու թաղապետ Կարօ Յովսէփեան եւ այլք:
«Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթուան» ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է նաեւ լիբանանահայ Մովսէս Հերկելեանի եւ հայ նկարիչներու նուիրաբերած նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 23 եւ նկարներու վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերու համար նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն:
«Միստրալ» սրահին մէջ կայացած է «Անրի Վերնոյ» ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը, որուն մասնակցած են Քլոտիա Քարտինալէ, Օմար Շէրիֆ, Ժաքի Ներսէսեան, Նաթալի Ռուսէլի, Իզապէլ Սադոյեան եւ Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութիւնը: Բոլոր ձեռնարկները ուղիղ եթերով ցուցադրուած են «CLUB ARARAT TV»-ով:
Ուշ երեկոյեան ՀԲԸՄ Մարսէյլի մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ կայացած է կալայ ընթրիք, որուն մասնակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, օրուան պատուաւոր հիւրեր Քլոտիա Քարտինալէն, Օմար Շէրիֆը, Ժաքի Ներսիսեանը, Նաթալի Ռուսէլին, Իզապէլ Սադոյեանը, Պաթրիք Մալաքեանը եւ այլոք:







All the contents on this site are copyrighted ©.