2013-06-18 12:58:35

''Ես Աւետարանէն Չեմ Ամչնար'' ֆրանչիսկոս Պապի Խորհրդածութիւնը։


Քրիստոնեայ մը եթէ յեղափոխական չէ քրիստոնեայ ըլլալէ կը դադրի։


Երկուշաբթի 17 յունիսի երեկոյեան ժամը 19,30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Հռոմի Թեմի գումարած Եկեղեցական Համաժողովի առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպում մը որուն ընթացքին ժողովականներուն ներկայացուց ''Ես Աւետարանէն չեմ ամչնար'' խորագրով խորհրդածութիւն մը։

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնելով Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակէն որուն մէջ կը յայտնէ թէ ''մկրտութեամբ օրէնքի տակ չէք այլ շնորհքի'' բացատրեց թէ ինչ կը նշանակէ ապրիլ ''շնորհքի'' մէջ եւ ի՞նչ է շնորհքին կապը աւետարանութեան հետ։
Շնորհքը մեր ուրախութիւնն է, Աստուծոյ որդիներու մեր ազատութիւնը, յեղափոխութիւնն է որ մեր սրտերը բարենորոգել ու մեղաւոր մեր վիճակէն մեզ դարցուց Սուրբ Պօղոսի նման սրբակեաց վիճակի։
Պատմութեան յեղափոխութիւնները բարեփոխեցին քաղաքականութիւն, տնտեսութիւնը բայց անոնցմէ ոչ մէկը կարողացաւ փոխել մարդու սիրտը։ Իսկական յեղափոխութիւնը այն է որ արմատական կերպով կը փոխէ կեանքը, իրականացուց Յիսուս Քրիստոս`իր Յարութեամբ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանյապետը ըսած է թէ այս յեղափոխութիւնը ''մարդկային պատմութեան ամենամեծ յեղափոխութիւնն է''։
Քրիստոնեայ մը եթէ յեղափոխական չէ քրիստոնեայ ըլլալէ կը դադրի։
Շնորհքը Աստուծոյ` Յիսուսի պարգեւն է որ սրտերը կը փոխէ։ Շնորհքը չի վաճառուիր։ Ձրիօրէն տրուած է եւ հարկ է որ զայն նուիրենք ձրիօրէն ուրիշներուն - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ու ապա անդրադարձաւ Հռոմի իրավիճակին ուր բազմաթիւ ''հարցեր ու ցաւեր'' գոյութիւն ունին եւ ուր շատեր կ՛ապրին առանց յոյսի ու իրենց երջանկութիւնը կը փնտռեն ''ալքոլի, թմրեցուցիչներու կամ անկանոն սեռային յարաբերութիւններու մէջ...ասոնց շարքին նաեւ կան շատ մը երիտասարդներ որ յուսահատութենէ մղուած կը հակին չարին ու բռնութիւններուն եւ կամ անցնասպանութեան։
Ընկերութիւնը դաժան է եւ ոչ մի յոյս կը ներշնչէ։ Յոյսը նման է շնորհքին, Աստուծոյ տրուած պարգեւ մըն է ու մենք մեր վկայութեամբ պէտք է քրիստոնէական յոյսը փոխանցել։ Աստուծոյ Շնորհքի նուէրը մեզի յոյս կը ներշնչէ։ Մենք անտարբեր չենք կրնար մնալ ի տես մեր շուրջ պատահած իրադարձութիւններուն եւ մեր վկայութեամբ ու մեր ժպիտով պարտականութիւնն ունինք Աւետարանը քարոզելու, ''հատիկ'' -ի մը նման որ իր պտուղները կու տայ յետագային։
Աւետարանի քարոզութիւնը նախ եւ առաջ յատկացուած է աղքատներուն եւ թշուառութեան մէջ ապրողներուն։ Անոնց է որ ուղղուած է պատգամը թէ ''Աստուած զիրենք կը սիրէ եւ անոնց մօտիկ է իր աշակերտներու գործադրած ողորմութեամբ։'' Աղքատներու երթալ չի նշանակեր թէ մեր կարգին աղքատ կը դառնանք կամ հոգեւոր անտունիներ կ՛ըլլանք։
Աւելի դիւրին է մնալ տան մէջ հոգ տանելով միակ ոչխարին, մինչ միւս 99-ն դուրսը կը սպասեն։ Մենք պէտք է երթանք փնտռելու կորսուածները, որովհետեւ մենք հովիւներ ենք- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց - Քահանաներէն խնդրեցի ըլլալ ոչխարներու հոտով հովիւներ ձեզմէ կը խնդրեմ ըլլալ ''Կեանքի Խօսքի'' առաքեալներ, ամէնուրէք։ Աւետարանացումը ույժ եւ համոզում կը պահանջէ, աղօթք ու մահացուցում...աւետարանացումը մարտիրոսութիւն է, այսինքն ամէն օր ու մինչեւ վերջ վկայել Տէրը ու Անոր Աւետարանը։
Քրիստոնեան ըլլալու է քաջ եւ միշտ յառաջ ընթացող հակառակ տագնապներուն։ Սատանան միշտ թակարդներ կը լարէ ու մենք պատրաստ ըլլալու ենք հոգեւոր մարտնչութեան եւ աւետարանցումը մեզմէ կը պահանջէ իսկական քաջութիւն` ներքին մարտնչութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ երկարաշունջ, անպատրաստից խորհրդածութիւնը աւարտեց շեշտը դնելով ''ձրիութեան'' վրայ։ Ձրիօրէն ստացանք ու ձրիօրէն պէտք է պարգեւենք։ Յիսուս մեզի տուաւ շնորհքը զայն փոխանցելու համար ուրիշներուն եւ մենք ոչ մէկ բանէ վախ ունենալու ենք որովհետեւ Տիրոջ Շնորհքի մէջ կ՛ապրինք. Շնորհքը որ ձրի է։ Անվախ ընթանանք դէպի յառաջ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.