2013-06-17 12:22:53

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ուղերձը Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետին Ի Տես ''Ութեակ'' Հզօր Պետութիւններու Վեհաժողովին։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի օրը, պատասխանելով Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետ` Տէվիտ Քամէրունի նամակին, բաղձանք յայտնեց որ ''Ութեակ'' Հզօր Պետութիւններու վեհաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ հիւիսային Իրլանտայի մէջ, յունիս 17-ին, սատարէ Սուրիոյ մէջ հրադադարի անյապաղ ու կայուն հաստատման եւ հակամարտող կողմերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստին։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց որ ամէն տնտեսական կամ քաղաքական մէկ ներգործութիւն պէտք է սատարէ երկրագունդի ամէն մէկ բնակիչին անհրաժեշտ բարօրութիւնը ապահովելու եւ արժանավայել ու ազատ կեանք մը ապրելու իչպէս նաեւ կարելիութիւն տալու իր ընտանիքը ապրեցնելու, զաւակները դաստիարակելու ու Աստուծոյ աղօթելու։
Նամակին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծեց նաեւ առաջնակարգ կարեւորութիւնը քաղաքական ու տնտեսական ամէն մէկ գործունէութեան Մարդը ընտրել որպէս կեդրոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.