2013-06-17 13:31:53

Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Հարիսայի Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի 16 յունիս 2013, Հարիսայի Սուրբ Աստուածածնայ վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Պշարա Րաիի մարոնի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանին եւ բարձրաստիճան պետական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններու: Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն կողքին:

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Րաիի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն յանձնառու մնալու լիբանանեան ազգային հաշտութեան եւ համախոհութիւն գոյացնելու, յատկապէս երկփեղկուած քաղաքական ուժերուն միջեւ:

Պատարագի աւարտին, Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ մոնսինիոր Քաչչիա կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղերձը այս առթիւ, կոչ ուղղելով բոլորին աշխատիլ ի նպաստ խաղաղութեան եւ կայունութեան:

Այնուհետեւ, մասնակցող պատրիարքները միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, ապա փոխանակեցին յուշանուէրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.