2013-06-17 11:51:04

Եգիպտոս Կը Խզէ Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները


Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի շաբաթ օր Գահիրէի մէջ «Աջակցինք Սուրիոյ» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Եգիպտոս կը խզէ Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն կը կանչէ:
Մուրսիի որոշումով Գահիրէի մէջ «սուրիական վարչակազմի դեսպանատունը» պիտի փակուի: Եգիպտոսի նախագահը նաեւ Հըզպալլայէն պահանջեց իր ուժերը դուրս բերել Սուրիոյ տարածքէն:
Մուրսի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց նպաստել Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման:







All the contents on this site are copyrighted ©.