2013-06-16 10:04:59

Մարդու Իրաւունքներու Զարգացումը, Կրօնական Ազատութիւնը Եւ Աշխարհի մէջ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններու Պահպանումը Եղան ֆրանչիսկոս Պապի ու Խօսէ Մարիա Պարրոզոյի Քննարկած Կեդրոնական Նիւթեր։


Շաբաթ 15 յունիս 2013-ի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Երոպական Յանձնախումբի Նախագահ Խօսէ Մարիա Պարրոզոյի որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ու արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան միջազգային իրավիճակը յատկապէս շեշտ դնելով տնտեսական տագնապին ու անգործութեան իրողութեան որ ժխտական հետեւանքներ ունի երիտասարդներու ու ընտանիքնեու վրայ. Խօսուեցաւ ապա Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական ներդրումին Եւրոպայի նիւթական ու հոգեկան բարելաւման գծով յատուկէն անդրադառնալով մարդու իրաւունքներու զարգացումամ, մասնաւորապէս կրօնական ազատութեան եւ աշխարհի մէջ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու Պահպանուման մարտահրաւէրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.