2013-06-16 12:30:59

''Կեանքի Աւետարան'' Օրուայ Առթիւ ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Պատարագը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ։


Կիրակի 16 յունիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Հաւատոյ Տարուան առթիւ կազմակերպուած` ''Կեանքի Աւետարան Օրուայ'' հաւատացեալներու համահաւաքը եզրափակելով, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բացօթեայ Պատարագ մատոյց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ինչպէս նաեւ համայն աշխարհէն հռոմ ժամանած մեծահամբաւ ''Հարլէյ Տավիտսոն'' շարժանիւներու սեփականատէրերու ներկայութեամբ (իրենց շարժանիւներով)։

Սուրբ Զոհի ըթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր
այս սուրբ եւ անմահ պատարգով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ` մեզի շնորհած կեանքի պարգեւին համար, իր բոլոր արտայայտութիւններով եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛ուզենք հռչակել ''Կենաց աւետարանը''։

Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ներկաներուն առաչարկեց հաւատքի մասին երեք խորհրդածութեան նիւթեր։



Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան ընթերցուածը եւ աւետարանը քաղուած` Ղուկասի աւետարանէն ուր կը խօսուի Յիսուսի մեղաւոր կնոջ մը հետ հանդիպման մասին, փարիսեցիին տան մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները նայելու Աստուծոյ որպէս կեանքի ակնաղբիւր ու Անոր օրէնքներուն ու աւետարանին որպէս կեանքի ազատութեան ճանապարհ։
Կեանքի Աստուածը մեզ ազատ կը դարձնէ - յարեց Նորին Սրբութիւնը - յորդորելով միշտ Այո ըսել սիրոյ` եւ Ոչ անձնասիրութեան, Այո կեանքին եւ Ոչ մահուան, Այո ազատութեան եւ Ոչ կուռքերու ստրկութեան։ Մէկ բառով Այո ըսել Աստուծոյ որ սէր է, կեանք եւ ազատութիւն ու երբէք յուսախափ չի թողուր զմեզ։
Հայցենք Մարիամէն, կեանքի Մայր, որ մեզ օգնէ ընկալելու եւ վկայելու միշտ Կեանքի Աւետարանը։

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին վերյիշեց Գաբրիի մէջ կայացած Ոտոարտօ ֆոքերինիի երանացման արարողութիւնը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն յատուկէն ողջունելով ''Հարլէյ Տավիտսոն'' ակումբի անդմաները։
Հուսկ Աստուածամօր հովանիին յանձնեց մարդկային ամէն մէկ կեանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.