2013-06-15 12:28:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ` Պարրոզօ Ու ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Անդամներ։


Այսօր` շաբաթ 15 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ ընդունեց Գրագովիայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Սդանիզլաւ Ճիվիչը։ Ապա ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ` Տիար Խոսէ Մանուէլ Պարրոզօն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ժամը11,30-ին ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէն հուսկ ժամը 12,15-ին Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութին շնորհեց ֆրանսայէն ժամանած Ազգային Ժողովի 70 անդմներէ կազմուած պատուիրակութեան մը` որոնց շարքին 29 ծերակուտականներ որոնք մաս կազմեն ''Սուրբ Աթոռ - ֆրանսայ բարեկամութեան'' խումբին եւ ''միջազգային կոչումի ուսումնասիրութիւն'' խումբի անդամ` 16 խորհրդարանականներ։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ այսօրուայ հանդիպումը կ՛ընդգծէ ֆրանսայի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ` փոխադարձ վստահութեան յարաբերութիւնները, ըլլայ ազգային, ըլլայ նահանգային եւ ըլլայ տեղական գետնի վրայ։ ''Աշխարհականութեան'' սկզբունքը որ ֆրանսայի կառավարութեան զանազան կրօններու հետ ունեցած յարաբերութիւնները կը կառավարէ չի նշանակեր կրօններու հանդէպ թշնամութիւն կամ կրօններու բացառումը ընկերային կեանքէն ու ընկերութիւնը հուզող վիճաբանութիւններէն։ Եկեղեցին կ՛ուզէ իր սատարը տալ այն խոր հարցերուն որոնք կ՛ընդգրկեն մարդը ու անոր ճակատագիրը ինչպէս նաեւ ընկերութեան ճակատագիրը եւ մարդու արժանապատութիւնն ու հասարակաց բարիքը։

Որպէս քաղաքական մարդիկ` ձեր պարտականութիւնն է աշխատիլ բարելաւելու ձեր հայրենակիցներու կեանքը։ Մասնագիտական եւ իրաւական սատար է ձերը, սակայն հարկ է նաեւ որ այս ունենայ ''հոգի'' մը որ միայն ժամանակային գաղափարներու արտայայտութիւնը չ՛ըլլայ, այլ յառաջացնէ անհրաժեշտ այն որակը որ Մարդ անհատը կը բարձրացնէ ու զայն կ՛ազնուացնէ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը փնտռելով միշտ մարդու բարիքը ու ձեր երկրին մէջ զարգացնելով եղբայրութեան զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.