Պան Քի Մուն Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Տագնապին Հըզպալլայի Միջամտութիւնը
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի
միջամտութիւնը` դիտել տալով, որ այդ իրականութիւնը ՄԱԿ-ին համար մտահոգութիւն է: Քի
Մուն հաստատեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում` աւելցնելով,
որ ՄԱԿ կը շարունակէ զօրակցիլ արաբական եւ միջազգային յատուկ բանագնաց Լախտար Իպրահիմիի
ստանձնած առաքելութեան: Քի Մուն կոչ ուղղեց սուրիական տարբեր կողմերուն` երկխօսութեան
ընդմէջէն լուծելու իրենց երկիրը հարուածող տագնապը: