Իրանի ամբողջ տարածքին միլիոնաւոր քուէարկողներ երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ`
ընտրելու համար երկրին նախագահը: Քուէատուփերը բացուեցան առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ
փակուեցան երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Շուրջ 50 միլիոն քուէարկողներ իրաւունք ունէին ընտրութեան
մասնակցելու: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քուէարկելէ ետք յայտնեց,
որ` «Աստուծոյ կամքով, իրանցի ժողովուրդը քաղաքական նոր դիւցազներգութիւն մը պիտի ստեղծէ»:
Ան նաեւ քննադատեց նախագահական ընտրութիւններուն ուղղուած ամերիկեան քննադատութիւնները
եւ այն ամերիկացի պաշտօնատարները, որոնք յայտնեցին, թէ ընտրութեան արդիւնքը պիտի չճանչնան`
յայտնելով, որ «իրանցի ժողովուրդը… իր շահին համաձայն պիտի կատարէ»: