Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ սկսած էր չորեքշաբթի,
12 յունիս 2013-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրն ըլլալով` 14 յունիս
2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները: Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան:
Այս առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Պէտք է, որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք
մեր կեանքին մէջ: Պէտք է ճիշդ ձեւերը գտնենք, որ երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան մէջ
մտնենք: Անցած է հրահանգելու ժամանակը: Պէտք է երկխօսութեան ճամբով խօսինք երիտասարդութեան
հետ եւ հարցնենք, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ան: Այս ուղղութեամբ գլխաւոր երեք կէտերու մասին պէտք
է խօսինք.- « Ժողովի առաջին նիստի աւարտին կաթողիկոսը եզրակացուց. «Պէտք չէ բացասական
դառնանք: Մեր հաւաքական կեանքին մասնակից է երիտասարդութիւնը: Սակայն անոր ներկայութիւնը
պէտք է աւելի գործօն ու ամբողջական դարձնենքՀետեւաբար, հայ երիտասարդութեան կազմաւորման
ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է միանայ, ինչ որ անմիջականօրէն կապ պիտի ունենայ
ու գիտակ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին»: Նիստէն ետք ընթերցուեցաւ սուրիահայութեան
ի նպաստ յայտարարութիւն մը` «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային պարտականութիւն
է» խորագիրով: Յայտարարութեան ընթերցումէն ետք կատարուեցան քննարկումներ յայտարարութեան
գծով: Երրորդ նիստը յատկացուած էր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց: Ներկայացուեցան
երկու զեկոյցներ, ուր մանրամասնօրէն նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխուժ
դերակատարութիւնը միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործունէութեան մէջ` յանձինս Արամ Ա.
կաթողիկոսին ու Կիլիկեան միաբանութեան: Ապա ընթերցուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի վերաբերող
յայտարարութիւնը, եղան քննարկումներ ու առաջարկներ, որոնցմէ ետք յայտարարութիւնը ժողովականներուն
կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Ազգային Ընդհանուր ժողովի օրակարգի վերջին նիստի
ընթացքին ընթերցուեցաւ Բանաձեւի յանձնախումբին զեկոյցը, որմէ ետք քննարկումներ կատարուեցան:
Ապա թեմերէն առաջարկներ կատարուեցան: Եզրափակելով Ազգային Ընդհանուր ժողովը` Արամ
Ա. կաթողիկոս հայրական իր խօսքը ուղղեց բոլորին` գնահատելով այն կապուածութիւնը եւ նուիրումը,
զորս ցուցաբերեցին պատգամաւորները` հանդէպ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Կաթողիկոսը ըսաւ.
«Կաթողիկոսարանին մէջ կատարուող աշխատանքը չորս պատերու մէջ չի սահմանափակուիր, ոչ ալ
միայն Լիբանանի, այլ` մեր բոլոր թեմերուն համար է, որ կը կատարենք մեր առաքելութիւնը:
Հետեւաբար թեմերուն մասնակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ ու հրամայական: Թեմերը պէտք
է կաթողիկոսարանին հետ գործակցին: Անթիլիասը իր ծառայութեամբ մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն
պէտք է դառնայ մեր թեմերուն մէջ»: Սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն
անդրադառնալով` վեհափառը ըսաւ. «Սուրիահայ մեր գաղութին տագնապը համահայկական խնդիր է:
Պէտք է այս գիտակցութեամբ շարունակենք մեր աջակցութիւնը: Մենք այդ տեսլականով պիտի գործենք,
որովհետեւ կը հաւատանք, որ համահայկական մտածողութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին
ընդհանրական շահերուն առանցքը կը կազմէ»: Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
առաքելութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով շեշտեց, թէ` «համահայկական մտածողութիւնը,
տեսիլքը, հայեցակէտը մեր սուրբ աթոռին ծառայութեան հիմքն է ու նպատակը: Մեր ժողովուրդը
այս սուրբ աթոռէն սպասում ունի, եւ մենք այդ գիտակցութեամբ է, որ կը ծառայենք: Մենք սպասաւորներն
ենք մեր ժողովուրդին, եւ ինչ որ կ՛ընենք մեր պարտաւորութիւնն է: Մենք գնահատանքի կարիքը
չունինք: Մեր գործը, ծառայութիւնը կը կատարենք պատասխանատուութեան ոգիով եւ համարատուութեան
գիտակցութեամբ: Մեր աթոռը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Մեր Աթոռին մեծութիւնն ու
հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է»: Հայրապետական եզրափակիչ իր պատգամի աւարտին Արամ
Ա. կաթողիկոս գնահատեց բոլոր պատգամաւորները: Յատուկ գնահատանք արտայայտեց շրջանաւարտ
Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան զոյգ ժողովներուն: Շնորհաւորեց նոր ընտրուած զոյգ ժողովները
եւ բարի ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց անոնց: Ապա կաթողիկոսին «Պահպանիչ» աղօթքով ու
իր օրհնութեամբ փակուեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք միաբաններն ու ժողովականները
միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»-ն ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Երեկոյեան ժողովականները`
Արամ Ա. վեհափառին գլխաւորութեամբ, Տըպպայէի «Լա Ռուայալ» պանդոկի «Ազուրէա» սրահին
մէջ մասնակցեցան ճաշկերոյթի, որուն ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ: