2013-06-14 14:11:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ճառը Յիսուսեան Միաբանութեան '' La civiltà Cattolica'' Պաշտօնաթերթի Անձնակազմին։


Ուրբաթ 14 յունիս 2013-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Յիսուսեան Միաբանութեան “La civiltà Cattolica'' պաշտօնաթերթի 30 հոգինոց լրագրողական մարմնին։ Նախ քան անոնց հետ հանդիպումը Սրբազան Հայրը առանձնապէս ընդունեց վերոյիշեալ պաշտօնաթերթի տնօրէն` Հայր Անթոնիօ Սբատարօն։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար ընդծելով Յիսուսեան միաբանութեան պաշտօնաթերթի գործունէութիւնն ու կապը ''Սուրբ Աթոռի եւ Քահանյապետին'' հետ, 1850 թուականէն սկսեալ։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց երեք բառերու ''երկխօսութիւն, ուղիղ դատողութիւն եւ սահման։''

''Ձեր պարտականութիւնը ցանկապատ բարձրացնել չէ այլ կամուրջներ կառուցել է մարդոց միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով,'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով թէ այս երկխօսութիւնը պէտք է հաստատուի նաեւ ''անոնց հետ որ քրիստոնեայ հաւատքը չեն բաժնեկցիր բայց ''մարդկային արժէքներու'' պաշտամունքին կը հաւատան ու նոյնիսկ անոնց հետ որ կը հակառակին Եկեղեցւոյ։'' Քննարկուելիք Մարդկային հարցերը շատ են ու երկխօսութեան միջոցաւ միշտ կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան որ Աստուծոյ պարգեւն է։
Երկխօսութիւն հաստատել կը նշանակէ համոզուած ըլլալ թէ ուրիշը լաւ բան ունի ըսելիք եւ երկխօսութեան համար հարկ է դռները բանալ եւ պաշպանողական դիրք չիփռնել։
''Չիվիլդա Գաթթոլիքան'' - Կաթողիկէ քաղաքակրթութիւնը` սիրոյ, ողորմութեան եւ հաւատքի քաղաքակրթութիւն է - հաստատեց Սրբազան Հայրը - ու ակնարկելով ուղիղ դատողութեան ըսաւ ''ձեր պարտականութիւնն է հաւաքել ու արտայայտել մեր ժամանակաշրջանի ակնկալութիւնները, իղձերը, ուրախութիւններն ու ցաւերը եւ նոր տարրեր ընծայել Աւետարանի լոյսով հասկնալու իրողութիւնը։
Խոնարհ ու բաց իմաստութեամբ փնտռեցէք եւ զԱստուած գտէք ամէն իրերու մէջ, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Իգնատիոս։ Յիսուսեաններու գանձերէն մին` հոգեւոր դատողութիւնն է որ կը ձգտի Աստուծոյ հոգիին ներկայութիւնը ճանչնալու մարդկային ու մշակութային իրողութեան մէջ։ Այս ամէնը կը պահանջեն բաց պահել սրտերն ու մտքերը խուսափելով հոգեւոր ինքնավկայութեան հիւանդութենէն։ Եկեղեցին ալ երբ ինքնավկայ կը դառնայ կը հիւանդանայ եւ կը ծերանայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ ''սահման'' բարին` ակնարկելով ''Չիվիլդա Գաթթոլիքա-ի'' առաքելութեան յանձնարարելով որ անոնք ըլլան ''Ռահվիրայ'' ու նեցուկ կանգնին Եկեղեցւոյ ներգործութեան, անոր ամէն առաքելական մարզերէն ներս։

Սիրելի հայրեր ըսաւ հուսկ ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով ''ձեր պաշտօնաթերթը իւրայատուկ է եւ կը ծնի կեանքի ու սերտողութեան հասարակութէնէն։Միացեալ երգշախումբի նման, ամէն երգիչ պէտք է իր ձայնը ներդաշնակութեամբ գործածէ ուրիշներու ձայնին հետ։ Քաջութիւն` յարատեւութիւն։ Համոզուած եմ որ ձեր վրայ կրնամ վստահիլ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.