2013-06-14 12:49:22

Ռայի Եւ Եազիժի Պատրիարքները Կոչ Ուղղեցին Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Վերջ Տալու Սուրիոյ Հարցին Միջամուխ Դառնալու Իրականութեան


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը կարդաց պատրիարքներուն հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ անոնք ցաւ յայտնեցին Սուրիոյ մէջ տակաւին շարունակուող քանդումին, բռնարարքներուն եւ սպանութիւններուն համար:
Ռայի եւ Եազիժի պատրիարքները ընդգծեցին Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` վերջ տալու Սուրիոյ հարցին միջամուխ դառնալու իրականութեան:
Պատրիարքները հաստատեցին, որ հիմնական պահանջը կը մնայ Սուրիոյ մէջ պատերազմին աւարտը, որպէսզի սուրիացի գաղթականները վերադառնան Սուրիա:







All the contents on this site are copyrighted ©.