2013-06-14 12:38:45

Ազգային Ժողովը Ընդունեց 2012-ի Պիւտճէի Կատարողականի Հաշուետուութիւնը


Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 66 թեր եւ 36 դէմ յարաբերակցութեամբ երէկ ընդունեց 2012 թուականի պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութիւնը:
Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն, ՀՅԴ եւ Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեցին, ինչպէս որ նախապէս յայտարարած էին:
Մէկ պատգամաւոր ձեռնպահ մնաց:
Խորհրդարանը նաեւ հաստատեց Վաչէ Գաբրիէլեանին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի լիազօրութիւններ տրամադրելու որոշումը:
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ կառավարութիւնը դիմած է խորհրդարան` արտակարգ նիստ գումարելու խնդրանքով: Ըստ Աբրահամեանի, խորհրդարանի արտակարգ նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսին:







All the contents on this site are copyrighted ©.