2013-06-14 12:40:04

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները


Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 յունիս 2013-ի առաւօտուն Տէրունական աղօթքով ու Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները
յատուկ կերպով խօսուեցաւ հետեւեալ կէտերուն մասին.
1) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբին մասին, թէ ի՛նչ հեռանկարներ կան իրագործելիք: Ինչպէս նաեւ ազգային վարժարաններուն մէջ կրօնի դասաւանդման մասին խօսուեցաւ:
2) Մնայուն հիմնադրամ յառաջացնելու գաղափարը կը մնայ անհրաժեշտ եւ այժմէական:
3) Հայկական պահանջատիրութեան գծով վեհափառ հայրապետին միջազգային տարողութեամբ կատարած աշխատանքը ,խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին իրագործուելիք ծրագիրներու ու նպատակներու մասին: Այս ծիրին մէջ նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ղարաբաղի մէջ կառուցուած Նոր Կիլիկիա գիւղին մասին:
4) Սուրիահայ գաղութի մասին յատուկ կերպով խօսուեցաւ եւ բացատրութիւններ տրուեցան, Սուրիոյ ներկայ կացութեան պատճառով սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու պատկան թեմերու միջոցով կատարուած օժանդակութիւններուն մասին
5) Յունաստանի տնտեսական տագնապին մասին ալ խօսուեցաւ: Յատկապէս յունահայ թեմին կրած ազդեցութիւնը այդ տագնապէն
6) Անթիլիաս-Էջմիածին փոխյարաբերութեանց հարցը եւս մասնաւոր կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ յընթացս ժողովի:
7) Հայաստանի պետութեան հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը եղաւ սիրալիր:
8) Խօսուեցաւ նաեւ Ս. աթոռին կողմէ իրագործուած շինարարական ծրագիրներուն, թէ՛ կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածներուն վրայ կատարուածներուն եւ թէ՛ Ղարաբաղի մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի շինութեան մասին:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր արժեւորում կատարելով կատարուած քննարկումներուն իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ երկու մտածումներով.
Մեր կատարած գործը առաքելութիւն է: Մենք գնահատականի կարիք չունինք, արժեւորումի կարիք ունինք, որպէսզի մեր կատարած գործը ըլլայ աւելի կատարեալ ու արդիւնաւէտ:







All the contents on this site are copyrighted ©.