2013-06-13 11:08:33

Տոմենիքեան Հայրերու Եգիպտոսի Արեւելեան Ուսմանց Հաստատութեան 60 Ամեակի Տօնախմբութիւն։


Տոմենիքեան հայրերը, անցեալ կիրակի 9 յունիս 2013-ին, մեծ շուքով տօնախմբեցին Եգիպտոսի Արեւելեան ուսմանց հիմնարկութեան 60 ամեակը, որուն կեդրոնը Գահիրէ կը գտնուի։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ղպտի օրթոտոքս Թաուատրոս Բ. պատրիարքը եւ Ալ Ազհարի մեծ իմամը` Ահմատ էլ Թայէպ։
Արեւելեան ուսմանց հաստատութիւնը հիմնուած է 1953ին, հայր Ժորժ Անաուաթիի կողմէ, ունի որպէս կէտնպատակ քրիստոնեա-իսլամ երկխօսութեան զարգացումը ու երկու կրօններու փոխադրաձ ճանաչումը։
Տոմենիքեան հայրերու Եգիպտոսի Արեւելեան ուսմանց հաստատութիւնը ունի 155 հազար հատորներ եւ 353 պարբերաթերթեր։ Մշակութային այս հաստատութեան տարեկան 3 հազար նոր հատորներ կը հասնին։ Մշակութեային հաստատութեան բարձրորակ աշխատանքը յանձնուած է
Տոմենիքեան 12 հայրերու, հոն արձանագրուած են 4.390 ընթերցողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.