2013-06-13 10:48:52

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն


Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացուեցաւ եւ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը` Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ: Սոյն ժողովը չորս տարին անգամ մը կը գումարուի, արժեւորում կը կատարէ անցնող շրջանի գործունէութեան եւ միաբանութենէն ու թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու աշխուժ մասնակցութեամբ նոր ուղիներ կ՛որոնէ Ս. աթոռի գործունէութիւնը առաւել աշխուժացնելու համար` ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքի ծաղկումին:
Բացման նիստին, յետ դիւանի ընտրութեան եւ օրակարգի ու ժամանակացոյցի որդեգրման, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ապա, վեհափառ հայրապետը գլխաւոր երեք կէտերու անդրադարձաւ.
1) Սփիւռքը վերակազմակերպել եւ վերակենսաւորել:
2) Երիտասարդութիւնը շաղախել մեր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով:
3) Պահանջատիրական պայքարին նոր որակ եւ ուժականութիւն
Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն եւս Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները







All the contents on this site are copyrighted ©.