2013-06-13 11:03:44

Կաթողիկէ Եւ Անկլիգան Եկեղեցական Ղեկավարներու Միացեալ Կոչը Աշխարհի Անօթութեան Դէմ:


Կաթողիկէ Եւ Անկլիգան Եկեղեցական ղեկավարները Միացեալ Կոչ մը ուղղած են Աշխարհի Անօթութեան դէմ։ Կոչը Մասնաւորապէս ուղղուած է աշխարհի 8 մեծազգերու պատասխանատուներուն` վճռակամօրէն գործելու ապասնունդի դէմ։
Գերապայծառ Վէնսան Նիգոլս` Ուեսդմինսդերի կաթողիկէ առաջնորդը եւ Ժասդին Ուելպի` գահերէցը Անկլիգան եկեղեցւոյ, միացեալ իրենց յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղած են աշխարհի 8 մեծ ազգերու Պետութիւններուն պայգարելու անօթութեան դէմ։ Լոնտոնի մէջ կատարած համամիութենական աղօթքին ընթացքին խնդրեցին աշխարհի ղեկավարներէն լրջութեամբ ու վճռակամօրէն պայքար մղելու անօթութեան անարդարութեան դէմ։ Երկու եկեղեցապետերը այս կոչը բանաձեւեցին ի պատրաստութիւն աշխարհի 8 մեծերու վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հիւսիւսային Իրլանտայի մէջ յառաջիկայ 17 եւ 18 յուլիսին։
Եկեղեցապետերը իրենց կոչով ընդգծեցին որ միլիոնաւոր անհատներ սովէն կը տառապին։ Մեր ամէնուս պարտականութիւնն է ամոքել մեր զրկեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւը եւ ոչ մէկ արդարացում կարելի է գտնել պարարտ երկրագունդի մը մէջ։
Յայտնենք որ աւելի քան 3.500 հաւատացեալներ մասնակցեցան համամիութենական աղօթքին որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Հայտ-Բարքի մէջ առանց հաշուելու հեռուստատեսիլէն ուղիղ եթերով հետեւողներու թիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.