2013-06-12 14:30:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կոչը ''Անչափահասներու Աշխատանքի Դէմ'' Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ։


Չորեքշաբթի 12 յունիս 2013-ի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ''Անչափահասներու Աշխատանքի Դէմ'' Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց որուն մէջ ըսաւ.

''Այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի Անչափահասներու աշխատանքի դէմ համաշխարհային օրը, որ յատուկէն կ՛ակնարկէ ''մանուկներու տնային շահագործումին''։ Այս ցաւալի իրողութեան զոհերը միլիոնաւոր անչափահասներ են որ կ՛ենթարկուին չարաշահումի եւ խտրականութեան. Իսկական ստրկութեան մը - յայտնեց Սրբազան Պապը - յայցելով որ
միջազգային հասարակութիւնը պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրէ վերջ դնելու այս ճշմարիտ պատուհասիին։ Բոլոր մանուկները կարելիութիւն պէտք է ունենան խաղալու, սորվելու, աղօթելու եւ աճելու իրենց ընտանեկան յարկին տակ
ներդաշնակ, սիրոյ եւ խաղաղ միջավայրի մէջ։ Ասիկա բոլոր մանուկներու իրաւունք է ու մեզի համար պարտականութիւն։ Խաղաղ մանուկութիւն մը երախաներուն թոյլ կու տայ վստահութեամբ դիտել կեանքն ու ապագան։ Վայ անոնց որ արգելք կը հանդիսանան անոնց յոյսի ուրախալի սլացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.