2013-06-12 15:58:41

Քաղաքական-Ընկերային «Երկրաշարժ»՝ Յունաստանի Հեռատեսիլի Պետական Կայանի Փակման Որոշումէն Ետք


Արագընթաց զարգացումներ արձանագրուեցան երէկ կէսօրէ ետք Յունաստանի մամլոյ խօսնակ Սիմոս Քետիքօղլուի անակնկալ յայտարարութենէն ետք, թէ կառավարութիւնը որոշած է գիշերուայ ժամը 11-ին դադրեցնել պետական հեռատեսիլի հեռարձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի “Ազատ օր” օրաթերթը:
Քետիքօղլու յայտնեց, թէ աւելի սահմանափակ ծախսերով ու վերակառուցուած հանրային հեռուստակայանի նոր համակարգ պիտի ստեղծուի Սեպտեմբերին:
Ինչպէս յայտնի դարձաւ, կառավարութիւնը ի վիճակի չէ հանրային կեանքէն ներս աշխատաւորներու թիւի պարտադրուած կրճատումները կատարելու, ուստի կը դիմէ անակնկալ դադրեցումներու:
Երկրի մամլոյ ընդհանուր համակարգը խստօրէն քննադատեց կառավարութեան որոշումը՝ յայտարարելով գործադուլներու շարք մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.