2013-06-12 12:45:23

Էրտողան Ցուցարարներուն ԿոչԿ՛ուղղէ Փողոցներէն Հեռանալու


Երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 7:30-ին, հարիւրաւոր ոստիկաններ ներխուժեցին Թաքսիմ հրապարակ եւ ցուցարարներուն կողմէ բուռն դիմադրութեան հանդիպելէ ետք, առատօրէն արցունքաբեր կազ, ջրաշիթ մեքենաներ եւ մինչեւ իսկ ձգախէժէ փամփուշտներ օգտագործելով հրապարակը մասնակիօրէն առին իրենց վերահսկողութեան տակ` վտարելով ցուցարարները: Ոստիկանութիւնը գրաւեց հրապարակին կեդրոնը, որմէ ետք բախումները կեդրոնացան Թաքսիմի ծայրամասերուն վրայ: Ոստիկանութիւնը հրապարակին եւ Կեզի այգիին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաժարականը պահանջող եւ այլ կարգախօսներով բոլոր պաստառները վար առաւ:
Թրքական բժշկական ընկերակցութեան նախագահ Ահմեթ Էօզտեմիր Աքթան «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ արձանագրուած են հարիւրաւոր վիրաւորներ, որոնցմէ հինգին վիճակը ծանր է:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արտասանած պատկերասփռուած ճառին ընթացքին զգուշացուց եւ ըսաւ, որ «անոնց, որոնք… Թաքսիմ եւ այլուր ցոյցերուն կը մասնակցին, անկեղծ զգացումներով կոչ կ՛ուղղեմ այդ վայրերէն հեռանալու ու վերջ տալու այս դէպքերուն եւ սէրս կ՛ուղարկեմ: Սակայն անոնց, որոնք դէպքերը կ՛ուզեն շարունակել, կ՛ըսեմ. «Վերջացաւ»: Այսուհետեւ անոնց նկատմամբ հանդուրժողականութիւն չունինք:: Նշենք, որ ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 3 զոհ եւ 5000 վիրաւոր արձանագրուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.