2013-06-12 12:46:19

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի Միջազգային Հայ-Արաբ Իրաւական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը


Արամ Ա. կաթողիկոսը մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջազգային Հայ-արաբ իրաւական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ եւ Արաբ փաստաբաններու միութեան ընդհանուր քարտուղար Սամեհ Աշուրի,
Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին միջազգային Հայ-արաբ իրաւաբանական խորհուրդի կազմութեան նպատակը, որ կը բխի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իրաւական հիմունքներով փաստարկելու եւ զայն միջազգային ատեաններուն ներկայացնելու անհրաժեշտութենէն:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին, պատուիրակութեան անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին վեհափառ հօր, ապա այցելեցին Ապրիլեան նահատակաց մատուռը:








All the contents on this site are copyrighted ©.