2013-06-12 12:45:48

«Ժընեւ-2»-ի Խորհրդաժողովի Ուշացման Պատասխանատուն Սուրիական Ընդդիմութիւնն է Կ՝ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական ընդդիմութիւնը պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային ժողովի գումարման ուշացման համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովի ուշացման պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութի՞ւնն է, Լաւրով ըսաւ «այո» եւ աւելցուց. «Այդ մէկը ցաւալի է, որովհետեւ խմբաւորումներ կան, որոնք շինիչ կեցուածք կ՛որդեգրեն եւ Սուրիայէն չհեռացան, այլ այս բոլոր տարիները սուրիացի ժողովուրդին կողքին անցուցին»:
Ռուսիոյ նախագահի միջինարեւելեան պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Ան յայտնեց, որ «երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելը ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքներէն է, եւ պէտք է այդ սկզբունքը յարգենք»:«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռանալը կամ իշխանութեան վրայ մնալը ո՛չ մենք եւ ո՛չ ալ ուրիշներ կ՛որոշեն, այլ միայն սուրիացի քաղաքացիները»







All the contents on this site are copyrighted ©.