Վատիկանի Մէջ Լոյս Կը Տեսնէ Նոր Դրոշմաթուղթերու Շարք Մը։
Վատիկանի մէջ լոյս կը տսնէ նոր դրոշմաթուղթերու շարք մը։ Առաջին դրաշմաթուղթերու
շարքը նուիրուած է Երանելի Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետի մահուան 50-րդ տարելիցին։ Դրոշմաթուղթը
տպուած է թերթի մը վրայ որ կը ներփակէ 9 դրոշմաթուղթեր։ Եկրորդ դրոշմաթուղթերու շարքը
նուիրուած է ''Միլանոյի հրովարտակի 1700 տարեդարձին'', եւ կը ներփակէ երեք դրոշմաթուղթեր,
որ կը ներկայացնեն դիմանկարները Կոստանտին կայսերի եւ սուրբ Սեղբեսդրոս Քահանայապետի`
13-րդ դարու որմնանկարներ, որոնք կը գտնուին Հռոմի Քուադրօ Գորոնադի պազիլիքային մէջ։
Երրորդ դրշմաթուղթերու շարքը նուիրուած է Մեծն Մորավիայի աւետարանացումի 1150-րդ
տարեդարձին որ կարելի եղաւ շնորհիւ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս երկու եղբայրներու քարոզութեան։