2013-06-11 10:57:04

''Աւետարանի Քարոզչութիւնը Աղքատութեան Ճանապարհով Պէտք է Ընթանայ...Ձրի Ընդունեցաք, Ձրի Տուէք'' Կը Հաստատէ ֆրանչիսկոս Պապը։


Երեքշաբթի 11 յունիսի առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ Աւետարանի Քարոզչութիւնը կը բխի վեհանձնութենէն։ Սկզբանէ այսպէս եղած է` - յարեց Նորին Սրբութիւնը - Սուրբ Պետրոս դրամատան մէջ հաշիւ չ՛ուներ եւ երբ ստիպուած եղաւ տուրքերը վճարելու Տէրը անոր հրամայեց ձուկ որսալ ու անոր փորին մէջ գտնուղ դրամով տուրքը վճարել։

Աւետարանի քարոզչութիւնը աղքատութեան ճանապարհով պէտք է ընթանայ։Աղքատութիւնը վկայելով։Որովհետեւ հարստութիւնը կը կայանայ միայն այն պարգեւին մէջ զոր Աստուած շնորհած է մեզի։Երբ տեսնենք առաքեալներ որոնք կ՛ուզեն հարուստ եկեղեցի մը կառուցել առանց վեհանձնութեան ու նուիրումի հոգիին, Եկեղեցին կը ծերանայ եւ կը դառնայ առանց կեանքի ''ոչ կառավարական կազմակերպութիւն'' մը։

Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը ընդունելու իր ձրի պարգեւը։''Ձրի ստացաք, ձրի տուէք''։ Ընդունինք Աստուծոյ ձրիութեան շնորհքը ու յառաջ ընթանանք - եզրափակեց ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.