2013-06-11 10:57:32

«Թուրքիոյ Ցոյցերուն Թիրախը Վարչապետն Է» Կ՛ըսէ Պաղըշ


Թուրքիոյ մէջ ցոյցերը 11-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Կիրակի գիշեր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան Ատանայի, Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ: Էտիրնէի մէջ աւելի քան երկու հազար անձեր մասնակցեցան հակակառավարական ցոյցերուն, իսկ Իզմիրի մէջ` աւելի քան տասը հազար անձեր:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող հակակառավարական ցոյցերը Թաքսիմի Կեզի այգիին հետ որեւէ կապ չունին եւ անոնց թիրախը վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է:
Ան յայտնեց, որ ցոյցերը բնապահպանական մտահոգութեամբ ծագեցան, ապա շահագործուեցան` աւելցնելով, որ «անոնք, որոնք մեզ պարտութեան չեն կրնար մատնել իրենց ջանքերով, սկսած են մեր զաւակները խաբելով ցոյցերը չարաշահել: Սակայն այս հասարակութիւնը անցնող տասը տարիներուն այդ գրգռութեանց ականջ չէ կախած եւ ցոյցերուն սկսելէն տասը օր ետք ալ ականջ պիտի չկախէ»:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թաքսիմի միասնականութեան ծրագիրը, որ Կեզի այգիի ցոյցերու շարժումը ներկայացնող խմբակ մըն է, մեղմացուցած է իր պահանջները` կառավարութեան կոչ ուղղելով այգին չներառել շինարարութեան հաւանական որեւէ ծրագիրի մէջ:
Թրքական քաղաքներուն մէջ բռնարարքները մեծ մտահոգութիւն ստեղծած են 20-30 յունիսին Մերսինի մէջ նախատեսուած 2013-ի Միջերկրականեան խաղերու կայացման իմաստով: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միջերկրականեան խաղերու միջազգային կոմիտէն ապահովական երաշխիքներ եւ ընթացող ցոյցերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պահանջէ: Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին միջերկրականեան 24 երկիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.