2013-06-10 11:51:55

Նեթանիահու. «Մեր ԱպահովութիւնըԿոլանի Մէջ Միջազգային Ուժերուն
Չենք Կրնար Վստահիլ


Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկումները կեդրոնացած են Սուրիոյ կացութեան վրայ, մանաւանդ Կոլանէն հեռանալու մտադիր աւստրիական ուժերը ռուսական ուժերով փոխարինելու ռուսական առաջարկէն ետք:
Նեթանիահու ակնարկելով Քնէյթրա գիւղին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն, նշած է, որ «անցեալ շաբաթ տեսանք, թէ ի՛նչ ճակատումներ տեղի ունեցան Կոլանի մէջ` մեր սահմանին մօտ»:
Աւելի ուշ, Նեթանիահու յայտնեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին պիտի չմիջամտէ, այնքան ատեն որ կրակոցները մեր ուղղութեամբ չեն, սակայն Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն քայքայումը յստակ կը դարձնէ, որ Իսրայէլ չի կրնար իր ապահովութիւնը միջազգային ուժերու ներկայութեան վստահիլ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.