2013-06-10 12:43:06

Նախագահ Մորսիի Կառավարութիւնը Կ' Արտօնէ Նոր Եկեղեցւոյ Մը Շինութիւնը


Անցեալ 6 յունիս 2013-ին եգիպտոսի պաշտօնաթերթի վրայ` հրապարակուեցաւ Ղպտիներու նոր եկեղեցւոյ շինութեան հրամանագիրը որ պիտի կառուցուի Եգիպտոսի հիւսիսային Նուպարիա քաղաքին մէջ։ Նոր եկեղեցին պիտի նուիրուի Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու, անոր տարածութիւնը 300 մեթր քառակուսի է։ Հայր Մաքարի Հապիպ` քարտուղարը Թաուտորոս Բ պատրիարքին, յանուն Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մորսիին։ Ան յոյս յայտնած է որ նախագահը ընդառաջէ այլ եկեղեցիներու շինութեան ծրագիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.