2013-06-10 14:02:32

''Ճշմարիտ Ազատութիւնը Կ՛իրականանայ Երբ Մեր Սրտերը Բանանք Տիրոջ'' Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը։


Երկուշաբթի 10 յունիսի առաւօտեան` Վատիկանի Տոմուս Աանդա Մարդայի մարտան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ հաստատեց թէ ''Ճշմարիտ ազատութիւնը կ՛իրականանայ երբ մեր սրտերը կը բանանք Տիրոջ'' աւելցնելով '' փրկութիւնը կը կայանայ Սուրբ Հոգիին եւ ոչ թէ աշխարհի մխիթարութեան մէջ ապրելով''։
Տէրը բացայատօրէն ըսաւ թէ կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, եւմիայն մեր սիրտը Սուրբ Հոգիին` բանալով է որ կարող կ՛ըլլանք հասկնալ ''նոր կանոնը'' զոր Տէրը մեզի կու տայ''։ Միայն բաց սիրտը կը տանի փրկութեան - հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը - մատնանշելով թէ Յիսուսի հետեւիլը մարդկային ազատութեամբ կեղծաւորութեան կը համապատասխանէ։
Սուրբ Հոգիին տուած ազատութիւնը ''ստրկութիւն'' մըն է հպատակութիւն Տիրոջ որ մեզ ազատ կը դարձնէ։ Մինչ աշխարհի ըմբռնումով ազատութիւնը միայն ստրկութիւն է։
Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը մեր սրտերը բանալու Սուրբ Հոգիին մխիթարութեան որովհետեւ փրկութեան մխիթարութիւն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.