2013-06-10 11:51:45

Իրաքի Վարչապետը Պատմական Այցելութեամբ Էրպիլի Մէջ


Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի պատմական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլ` ինքնավար շրջանին եւ կեդրոնական կառավարութեան միջեւ սառոյցը հալեցնելու համար:
Իրաքի կառավարութիւնը 2003-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Էրպիլի մէջ գումարեց իր ժողովը: Մալիքի եւ նախարարները զինուորական օդանաւով հասան Էրպիլ, ուր դիմաւորուեցան շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի կողմէ:
Իրաքեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց կառավարութեան ժողովին ընթացքին Մալիքիի արտասանած խօսքին մէկ մասը: Ան իրաքցիներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու, որպէսզի շրջանային անկայունութեան «վտանգը» դիմակայեն:







All the contents on this site are copyrighted ©.