2013-06-10 11:51:33

Թուրքիոյ Իշխանամէտ Եւ Ընդդիմադիր Ցուցարարներու Միջեւ Բախումներ.


Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ շաբաթ գիշեր Ատանայի մէջ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ցուցարարներ բախում մը ունեցած են: Իշխանամէտներու խմբակ մը քարեր արձակած է քայլարշաւ կատարող ընդդիմադիր ցուցարարներու դէմ: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը շրջանէն կիներն ու մանուկները հեռացուցած է, իսկ երկու կողմերուն միջեւ բախումները շարունակուած են` օգտագործելով քարեր եւ գաւազաններ:
Մինչ այդ շաբաթ կէսօրէ ետք Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան մինչեւ օրս արձանագրուած մեծագոյն բողոքի ցոյցերը: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Անգարայի Քույուլու այգիին մէջ հաւաքուած աւելի քան տասը հազար ցուցարարները
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Որոշող եւ գործադիր խորհուրդը որոշեց 15 յունիսին Անգարայի եւ 16 յունիսին Պոլսոյ մէջ «Միասնականութեան եւ համերաշխութեան» հաւաքներ կազմակերպել:
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ նահանգապետ Հիւսէյն Աւնի Մութլու «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ներում հայցած է Թաքսիմի ցուցարարներէն` ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.