2013-06-09 12:51:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Վիտէօ Պատգամը ''Տասը Պատուիրանները Սիրոյ Օրէնք Մըն Են Արդար Հասարակութիւններ Կառուցելու Համար''։


Շաբաթ 8 յունիսի երեկոյեան Միլանոյի մէջ Իտալական ''Սուրբ Հոգիին մէջ Նորոգում'' շարժումի հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձին առթիւ կայացած Հաւաքին, ֆրանչսիկսո Պապը Վիտէօ պատգամ մը ուղղեց որւն մէջ հաստատեց թէ Աստուծոյ տուած` ''Տասը Պատուիրանները բարոյական օրէնք մըն են արդար հասարակութիւններ կառուցելու''։ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով որ ''պատուիրան'' բառը արդիական չէ եւ ժխտական նկատուած է, մատնանշեց պատմութեան որ ''դժբախտաբար յատկանշուած է բռնապետութիւններով, գաղափարախօսութիւններով եւ տրամաբանութիւններով որ պարտադրուած են եւ որոնք մարդու բարիքը չեն փնտռեր, ընդհակառակը կը փնտռեն իշխանութիւն, յաջողութիւն ու շահ։

Հին կտարակարանի Տասը պատուիրանները - շարունակեց ֆրանչիսկոս Պապը - մեզի տրուած են Աստուծմէ մը որ մեզ ստեղծեց սիրով եւ որ միայն մարդու բարիքը կը փնտռէ։ Եւ այդ պատուիրանները -աւելցուց Պապը - մեզի ցոյց կու տան ուղին որու վրայ պէտք ենք ընթանալ հիմնելով բարոյական կարգագիր մը մարդկային աւելի արդար հասարակութիւններ կառուցելու նպատակով։''

Որքա՜ն անարդարութիւններ աշխարհի վրայ, որքա՜ն ճշմարտութեան եւ սնունդի անօթութիւն, որքա՜ն բարոյական եւ նիւթական աղքատութիւն կը յարաջանայ երբ Աստուած կը մերժենք ու Անոր տեղ կը դնենք այլ կուռքեր - հարց տուաւ քահանայապետը - հրաւիրելով ''թոյլ տանք որ այս Տասը բառերը առաջնորդեն մեզ ու լուսաւորեն անոնք որ կր փնտռեն խաղաղութիւնը, արդարութիւն եւ արժանապատուութիւն։ Հուսկ աւելցուց ''10 պատուիրանները ազատութեան սահմանում մը չեն այլ ազատութեան ձգտող ուղեցոյց մը'' որ մարդը կը մղեն բացուելու աւելի լայն ծաւալի մը եւ ապրելու ուրիշները յարգելով, յայթահարելով իշխանութեան, դրամի եւ տիրապետութեան իղձը եւ ըլլալով անկղծ ու ազնիւ ուրիշներու նկատմամբ եւ պաշտպանելով արարչութիւնը ու աշխարհի վրայ կիրարկելով բարձր, ազնիւ եւ հոգեւոր իտէալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.