2013-06-08 11:51:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Ճորճիօ Նափոլէդանոն։


Շաբաթ 8 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Ճորճիօ Նափոլէդանոն իր կողակիցին ու շքախումբի մը ընկերակցութեամբ ժամանեց Վատիկան, պաշտօնական անդրանիկ հանդիպում ունենալու ֆարնչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Հանդիպման ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Նախագահին ''հաճելի'' այցելութեան համար որուն ընդմէջէն - ըսաւ Ան - ձեզի ու բոլոր Իտալիոյ ժողովուրդին կ՛ուղղեմ իմ ամենաջեռմ ոյջոյնս։

Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ ինչպէս այս այցելութիւնը կը ներփակուի երկար ու սերտ յարաբերութիւններու պատմութեան շրջագիծին մէջ։ Յաճախ երկու կողմերը ընգծեցին թէ Իտալիոյ Եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւններու հիմնական նպատակն է իտալիոյ ժողովուրդին բարիքը եւ որպէս տեսլական` անոր պատմական առանձնայատուկ դերը աշխարհի եւ եւրոպայի մէջ -ըսաւ սրբազան Հայրը - մատնանշելով ապա Պենետիկտոս ԺԶ եւ Նափոլեդանոյի միջեւ կայացած յարգալից եւ բարեկամական յարաբերութեան։

Ֆարնչիսկոս Պապը խոսեցաւ ապ Միլանոյի հրովարտակի նշումի 1700 ամեակի մասին որ նկատուած է ''որպէս կրօնի ազատութեան սկզբունքի առաջին յայտարարութիւն''։ Այսօրուայ աշխարհին մէջ կրօնի ազատութիւնը աւելի շատ յայտարարուած է քան իրագործուած - յարեց Քահանայապետը - մտահոգութիւնը յայտնելով ու հաստատելով թէ Կրօնի Ազատութեան պաշտպանութեան բարոյական բարիքին մէջ է որ կը գտնուի ամբողջ հասարակութեան աճումի եւ զարգացումի երաշխիքը։

Պատմական շրջանը որ կ՛ապրինք, Իտալիոյ մէջ եւս յատկանշուած է հետեւողական համաշխարհային ճգնաժամէ որ տնտեսական եւ ընկերային հարցերը աւելիով կը բացայայտէ անոնց բեռը դնելով մանաւանդ ընկերութեան ամենատկար մասին վրայ։ Այս ուղղութեամբ մտահոգիչ կը դառնան այն երեւոյթները որ կը ձգտին ընտանեկան եւ ընկերային կապերը տկարացնել, բնակչութեան նուազումը, աւելի քան աշխատանքի յարգանքը` շահոյթ փնտռող տրամաբանութիւնը եւ անբաւարար ուշադրութիւնը հանդէպ երիտասարդ սեռունդին ու անոնց կազմաւորման աւելի ապահով ու խաղաղ ապագայի մը ի խնդիր։

Այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է որ երիտասարդներու մէջ աճի քաղաքական յանձնառումի նոր նկատողութիւն մը եւ հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները համագործակցին կառուցելու ընկերութիւն մը ուր կարելի ըլլայ անարդարութիւնը յաղթահարել եւ ամէն անհատ ընդունուի ու կարող ըլլայ նպաստելու հասարակաց բարիքին իր արժանապատուութեան համաձայն եւ ի գործ դնելով անհատական իր կարողութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօքը եզրափակեց ապահովցնելով իրեն աղօթքները եւ իր առաքելական օրհնութիւնը տալով նախագահին անոր սիրելիներուն ու համայն իտալացի ժողովուրդին։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում հուսկ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարին ու Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներու հետ որոնց շարքին էր նաեւ Տիար Միքայել Մինասեան` Հայաստանի հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած մնայուն դեսպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.